image

Պէյրութի մէջ անուշադիր վարորդ մը «ոտքի կոխան» դարձուցած ու սպաննած է տարեց տիկին մը (Վիտէօ)

Պէյրութի մէջ անուշադիր  վարորդ մը   «ոտքի կոխան»  դարձուցած    ու սպաննած է տարեց տիկին  մը (Վիտէօ)

   Պէյրութի արուարձան համարուող էշրէֆիյէ շրջանի նեղլիկ  փողոցներէն մէկուն մէջ   տարեց տիկին  մը, որ կը փորձէր     փողոցը   անցնիլ       արկածի ենթարկուած  ու տեղւոյն վրայ  մահացած է։

 Այս  մասին  տեղեկութիւնը եւ տեսանիւթը  տարածած է  Լիբանանի   մէջ  երթեւեկութեան   խնդիրներու մասին իրազեկող    «ԵԱԶԱ»  կազմակերպութիւնը։

 

  Աղբիւրը, որ նաեւ   այս   մասին տարածած է կարճ   տեսանիւթ մը    (տեսնել ներքեւը)  նշած է, որ  տիկինը   պէյրութեան  Աուատ   յայտնի  գերդաստանի մէկ անդամն  էր։