Կարմիր ներկ թափուած է Թուրքիան գովազդող զբօսաշրջային պաստառի մը վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն: Մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն պաստառը զետեղուած եղած է Պէյրութի մերձ եղող Տըպայէ շրջանի կամուրջին վրայ, որ մեծ թիւով ինքնաշարժներու անցանելիութեան շրջան կը համարուի:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս առաջին դէպքը չէ, որ կը պատահի Պէյրութի մէջ: Ամիսներ առաջ նոյն դէպքը գրանցուած էր այս անգամ պէյրութեան այլ շրջանի մը մէջ:
Դէպքին մասին որեւէ հաղորդագրութիւն կամ լրատուութիւն ցարդ չկայ: