Գերմանիոյ բնակիչները, նախքան Թուրքիա մեկնիլը, ստիպուած են արձանագրուիլ թուային ցուցակին մէջ եւ ներկայացնել (ՊՇՌ Պոլիմերազային շղթայական ռիաքցիա) Քովիտ-19-ի քննութեան բացասական արդիւնք, որ թոյլտուութիւն ստանան վերադառնալ Գերմանիա:
Գերմանիան յայտարարած է, որ Թուրքիան Քովիտ-19-ով վարակման տեսանկիւնէն բարձր վտանգի գօտի է ու նախազգուշացուցած իր քաղաքացիները չայցելել Թուրքիա ոչ էական ուղեւորութիւններու համար, ուրբաթ օր ըսած է լրագրող՝ Էլմաս Թոփչուն, հաղորդած է Ahval-ը:
Նշուած է, որ Թուրքիոյ վարակման դէպքերու մակարդակը գերազանցած է 200-ը 100 000 մարդու հաշւով:
Գերմանիոյ բնակիչները նախքան Թուրքիա մեկնիլը պէտք է արձանագրուին թուային ցուցակին մէջ եւ Քովիտ-19-ի քննութեան բացասական արդիւնք ներկայացնեն, որ թոյլտուութիւն ստանան վերադառնալ Գերմանիա: Վերադառնալուն պէս անոնք 10 օր քարանթին պիտի մնան:
«Տասնօրեայ պարտադիր քարանթինը, չնայած Գերմանիայէն Թուրքիա մեկնելու ատեն յանձնած բացասական քննութեան, աշխատանքի եւ եկամուտի կորուստ կը նշանակեն: Գործատուները կրնան հարցնել, թէ ինչու աշխատակիցները այցելեն տարածաշրջան մը, որ կառավարութեան կողմէ, որպէս բարձր ռիսքային գօտի յայտարարուած է »,- ըսած է թուրք լրագրողը:
Լրագրողի խօսքով՝ վերջերս գերմանական դատարանը մերժած էր Թուրքիա մեկնելու համար նման հիմքերով տուժածներուն փոխհատուցում վճարելու հայցը: