Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեանը աշխատանքէն ազատման դիմում ներկայացուցած է, այս մասին ան գրած է ֆեյսպուքեան իր էջին:
«Սիրելի հայրենակիցներ,
Յարգելի գործընկերներ,
Մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերը փարատելու նպատակով, կը ցանկամ տեղեկացնել, որ այսօր ՀՀ Վարչապետին ներկայացուցած եմ աշխատանքէն ազատման դիմում։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին արդիւնաւէտ եւ արգասաբեր համագործացկութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ աւելի քան երկու տարի այս պատասխանատու պաշտօնը ինծի վստահելու համար»,- ըսուած է գրառման մէջ։
Դաւիթ Անանեանը Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ նշանակուած էր 2018 թուականի 17 մայիսին: