ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա 8–րդ եւ վերջին անգամ ըլլալով դրժեց իր խոստումը Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին առընթեր: Այս մասին այսօր կը գրեն ամերիկեան աղբիւրներ՝ յիշեցնելով, որ ԱՄՆ նախագահն իր նախընտրական արշաւի ատեն քանիցս խոսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ ըսած, որ պիտի ընդունի այդ փաստը: Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան, խօսելով Yahoo news-ին, նկատել տուած է, թէ նախագահ Օպամա հերթական անգամ տեղի պիտի տուած է թրքական ճնշումներուն դիմաց եւ դրժած իր խոստումը: Նշենք, որ 2007-ին իր նախընտրական արշաւի ատեն ԱՄՆ նախագահը ելոյթի մը ընթացքին ըսած էր, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը վաւերագրուած ճշմարտութիւն մըն է եւ կապ չունի իմ անձնական տեսակէտներուն հետ: Ես կը խոստանամ ԱՄՆ նախագահ ընտրուելու պարագային ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը»: