Պաքուի մէջ կայանալիք ռազմական շքերթի ընթացքին Ատրպէյճանը հայ ռազմագերիները ցուցադրելու մտադրութիւն չունի, այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, այլ պահուող անձերու ու անհետ կորածներու հարցերով պետական կոմիտէի յայտարարութեամբ:
Ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը, Կոմիտէն նաեւ հաստատած է Հայաստանի հետ «բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափով գերիներու փոխանակման մտադրութիւնը:
«Ատրպէյճանը կը հանդիսանայ գերիներու եւ այլ պահուող անձանց փոխանակման՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափի կողմնակից»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: