image
Հրատապ լուրեր:

Պահչելի MHP Կուսակցութեան Մէջ Վաղաժամ Ընտրութիւն Պահանջողները AKP-ի Քարոզիչներ Համարեց

Պահչելի MHP    Կուսակցութեան Մէջ  Վաղաժամ Ընտրութիւն Պահանջողները  AKP-ի Քարոզիչներ  Համարեց

Թուրքիա- («Սապահ Տէյլի Նիւզ»)- Ազգային Շարժում Կուսակցութեան (MHP) առաջնորդ  Տեւլէթ Պահչելին քուէարկութիւններէն ի վեր կայացուցած խորհրդարանական խումբի նիստին գնահատելով ընտրութիւններու արդիւնքները խօսած է   իշխող  «Արդարութիւն եւ Զարգացում» Կուսակցութեան  (AKP)   կուսակցութեան կրած ջախջախիչ պարտութեան   վերաբերեալ դերին մասին:Վերջինս, ընդունելով, որ MHP-ն իր ակնկալիքները չարդարացուց ընտրութիւններու վերաբերեալ,  հաստատեց, որ ստացուած արդիւնքները պէտք չէ դիտել որպէս կուսակցութեան «պարտութեան» չափանիշ: Նշենք, որ MHP-ն կորսնցուց մօտաւորապէս երկու միլիոն ձայն` հինգ ամիսներու  ընթացքին, մինչ AKP-ն աւելցուց իր ձայները՝ հասցընելով զանոնք  մօտաւորապէս չորս միլիոնի:17 Նոյեմբերին  Պահչելի  յայտարարեց. «Մենք մեր ականջները չենք փակած քննադատութիւններու առաջ, մեր կուսակցութիւնը դասեր պիտի քաղէ զոյգ՝ 7 Յունիսի եւ  1 Նոյեմբերի ընտրութիւններէն»: Ան միաժամանակ մեղադրելով  AKP-ի կողմէ դիտաւորեալ ստեղծուած հանգամանքները, ըսաւ. «Ընտրութիւնները իրականացան «արտասովոր եւ ժողովրդավարական հիմունքներու խախտման հանգամանքներու տակ»: Ապա անդրադառնալով MHP-ի այն քուէարկողներուն, որոնք Նոյեմբերի ընտրութիւններուն իրենց ձայները տուին AKP-ին, ան ըսաւ,  որ MHP-ն կը հաւատայ, որ անոնց այլ կուսակցութիւններու քուէարկելը սրտանց չէր: Մինչդեռ, Պահչելիի սուր  քննադատութեան արժանացան MHP-ի տարամիտ այն  ձաները, որոնք վաղաժամ կուսակցական համագումար (խորհրդաժողով) կազմակերպելու կոչ ուղղեցին` ընտրելու համար կուսակցութեան  նոր առաջնորդ: Այդ ձայները Պահչէիլիի կողմէ որակուեցան որպէս AKP կուսակցութեան քարոզիչներ:  «Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք կ'ուզեն, որ MHP-ն փակուի: Անոնք այժմ կը համախմբուին նախագահութեան շուրջ»,- ըսաւ ան, նման այլախոհները բնորոշելով որպէս «քաղաքական նորակոչիկներ», որոնք վաճառքի հանուած են: «Անոնք, որոնք կը պահանջեն վաղաժամկէտ խորհրդաժողով՝ (AKP)-ի քարոզիչներ են»,- ըսաւ MHP-ի ղեկավարը:Պահչելի նաեւ յանցաւոր գտաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը,  7 Յունիսէն ետք կառավարութեան ձեւաւորման գործին օժանդակելէ  հրաժարելուն համար, որովհետեւ քոալիցիոն կառավարութեան մը կազմումը կրնար վերջինէս հաշիւ պահանջել:Ան նոյնպէս քննադատեց Ժողովրդական Դեմոկրատական կուսակցութիւնը (HDP)` AKP-ին «կանաչ լոյս» տալուն համար, երբ անոր կարգ մը անդամները առաջ  տարին Թուրքիոյ համար հզօր նախագահութեան կառավարման մօտելի մը շուրջ քննարկման հարցը, տեսակէտ մը, որ կ'որդեգրուի նաեւ AKP-ի եւ նախագահ Էրտողանի կողմէ: