image

Պաղեստինեան ցոյցերը կը շարունակուին. Վիրաւորներուն թիւը հասած է 968-ի

Պաղեստինեան  ցոյցերը կը շարունակուին. Վիրաւորներուն թիւը հասած է 968-ի

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակը, պաղեստինեան բողոքի ցոյցերու երրորդ ուրբաթը  յայտարարած է իսրայէլեան փամփուշտի զոհ գացած մէկ պաղեստինցիի սպաննութեան մասին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ», յիշեցնելով, որ ցոյցերը տեղի կ'ունենան «Մեծ վերադարձ երթ» անունով, Կազայի եւ Իսրայէլի սահմանին մօտ:

Բժիշկ Աշրաֆ Ալ-Գուտրա AFP- ին ըսած է. «Նահատակուած է 28 ամեայ երիտասարդ Իսլամ Ռուշտի Հարզալլան. Ան ուրբաթ գիշեր Կազայի մէջ իսրայէլեան փամփուշտով վիրաւորուելով տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր մէկ ժամ անց մահացած է»:

Ան նաեւ յայտնած է, որ ուրբաթ օրուան  զոհերու թիւը հասած է 968 -ի, որոնց շարքին 17 բուժաշխատող եւ մէկ լրագրող (Արեւելեան Կազայի հատուածէն):