Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին կը գտնուի ծանր դրութեան մը մէջ, այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ վերջին օրերուն Տիարպէքիրի Սուր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած ծանր բախումներու հետեւանքով Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցին դարձած է անգործածելի: Կը նշուի նաեւ, որ վերջին շրջանին Սուր քաղաքի մէջ գտնուող բոլոր մզկիթներն ու եկեղեցիները յայտնուած են գրեթէ նոյն ծանր վիճակին մէջ, ուր հնարաւոր չէ կրօնական որեւէ արարողութիւն կատարել: Յիշեցնենք, որ Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցին վերանորոգուած էր 2012-ին եւ անոր բացումը տեղի ունեցած էր նախագահութեամբ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր տեղապահ Տէր Արամ Արք. Աթէշեանի ներկայութեամբ եւ ձեռամբ:

Նշենք, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին եղած է Միջին Արեւելքի ամէնէն մեծ հայկական եկեղեցին: Եկեղեցւոյ պատերու արձանագրութիւններուն վրայ կառուցման տարեթիւ կը նշուի 1515-1518 թուականը: Կրնայ ընդունիլ 1400 հաւատացեալ: