«Ալ-Արապիա» կայքը Պոլսոյ ահաբեկիչ Մաշարիպովի ձերբակալման մասին մանրամասներ հրապարակելով, նշած է, որ թրքական անվտանգութեան ուժերու կողմէ «Ռէնա» գիշերային ակումբի վրայ յարձակում գործող Ապտ Ալ-Քատէր Մաշարիպովի թաքստոցը ներխուժելու գործողութիւնը տեւած է 20 վայրկեան:
Ինքզինք Ապու Մուհամմատ Խորասանի Ապտ Ալ-Քաֆի անուանած Տահէշ-ի անդամ ահաբեկիչը, թաքնուած եղած է Իսինիորթ շրջանը գտնուուղ տան մէջ, անկողինի ներքնակին տակ, ինչպէս կը գրէ թրքական «Hakimiyet Bursa» թերթը, աւելցնելով, որ ահաբեկիչը նախքան Թուրքիա մուտք գործելը, ահաբեկչական մեղադրանքով պահանջուած էր Ուզպէքիստանի դատական համակարգի կողմէ: Կը նշուի նաեւ, որ ան 18 ամսեկան աղջկայ հայր դարձած էր, բանտը գտնուող կնոջմէն: Մինչ անոր 4-ամեայ որդուն անհետացումը ենթադրել կու տայ, որ Մաշարիպով իր տղուն Թուրքիոյ մէջ տահէշի բջիջներէն մէկուն մօտ ղրկած ըլլայ, զինք Տահէշ-ի «մարտիկ» դարձնելու նպատակով:
Աղբիւրի փոխանցմամբ, Մաշարիպովի ձաերբակալուած պահուն, տան մէջ գտնուիած իրերը, նկարները, օտար արժոյթով 197 հազար տոլարի համարժէք գումարը, երկու ատրճանակներն ու Սթանպուլի քարտէզները կ'ապացուցեն այն մասին, որ յանցագործը նոր ջարդ մը կազմակերպելու կը նախապատարստուէր:

Միւս կողմէ «Haber turk» կը գրէ, որ թուրքիոյ անվտանգութեան մարմիներու կողմէ յայտնաբերուելէն եւ շէնքէն դուրս բերուելէն ետք, Մաշարիպովի խնդրած է վերջիններէս, զինք չսպանել, եւ հակառակ ընդգծուած վախին, սակայն, դիմադրութեան փորձ ըրած է, ինչի հետեւանքով ծանր ծեծի ենթարկուած:
«Hurriyet» թերթը կը հաղորդէ, որ բնակարանը, ուր կը գտնուէր Մաշարիպով, վարձակալուած էր 6 ամսուայ պայմանաժամով, իրաքցի Ալի Ճամիլ անձի կողմէ, որ ներխուժման պահուն նոյնպէս ձերբակալուած է, այլ 3 կասածեալ կիներու հետ:
Իր հերթին, t24 թրքական լրատուակայքը ահաբեկիչի ցուցմունքէն մէջբերելով գրած է. «Սուրիոյ պատերազմներուն մասնակցելու նպատակով, Սուրիա կը գտնուէի, ուրկէ Տահէշ-ի ղեկավարներու հրամանով, Իրանի տարածքով անցայ Քոնիա: Հոն գտնուած ժամանակս Ռաքքայէն՝ Ամանորի գիշերը Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ յարձակում գործելու հրաման ստացայ: Այդ գիշեր Թաքսիմի մէջ անվտանգութեան միջոցառումները շատ խիստ էին, յարձակում իրականացնելը դժուար էր, տարածքը դարձեալ ուսումնասիրելու ժամանակ աչքիս զարկաւ «Ռէնա» ակումբը, որ յարմար վայր նկատեցի: Այնուհետեւ գացի Զէյթինպուրնու թաղամաս գտնուող բնակարանս, զէնքերս վերցուցի եւ վերադարձայ «Ռէնա»՝ ուր յարձակում գործեցի»:
Յիշեցնենք, որ Նոր տարուայ գիշերը Մաշարիպով Կաղանդ պապայի զգեստով մուտք գործած էր գիշերային ակումբ եւ կրակ բացած՝ Նոր տարին դիմաւորող մարդոց վրայ: Կրակոցներուն հետեանքով զոհուած էր 39 անձ եւ վիրաւորուած՝ 69 ուրիշներ: