image

Նոր մանրամասնութիւններ Հրանդ Տինքի գործով. Մեղադրեալ Եասին Հայալը սպանութենէն առաջ հանդիպում ունեցած է hետախուզական կոմիտէին հետ

Նոր մանրամասնութիւններ Հրանդ Տինքի գործով. Մեղադրեալ Եասին Հայալը սպանութենէն առաջ հանդիպում ունեցած է hետախուզական կոմիտէին հետ

Պոլսոյ մէջ նախօրէին կայացած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը, որուն ընթացքին պաշտպանական ճառով հանդէս եկած է մեղադրեալներէն «Fox TV»ի թրքական ծառայութեան տնօրէն, լրագրող Էրճան Կիւն:

Նշենք, որ նախորդ դատական նիստի ժամանակ ան պատմած էր, թէ ինչպէս Տինքի սպանութենէն ետք մամուլի մէջ տարածուած են մարդասպան Օկիւն Սամասթի թրքական դրօշակով լուսանկարներն ու տեսագրութիւնը: Յիշեցնենք, որ Էրճան Կիւն այն լրագրողն է, որ առաջինը տարածած է այդ տեսագրութիւնն ու նկարները:

Ինչպէս կը գրէ «Ակօս», Կիւն պատմած է, որ իր ձերբակալութենէն ետք ան ոստիկանութեան նախկին աշխատակիցներէն մէկէն տեղեկացած է, որ Տինքի գործով մեղադրեալներէն Եասին Հայալը սպանութենէն 15 օր առաջ աշխոյժ կապի մէջ եղած է Հետախուզական կոմիտէին հետ եւ պարբերաբար այցելած կառոյցի գործակալներուն:

«Ոստիկանութեան աշխատակիզներէն Վէյսէլ Շահին յայտնեց, որ լսած է, թէ Հայալ Տրապիզոնի մէջ Հետախուզական կոմիտէ կ'երթայ-կու գայ եւ յանձնարարութիւն ստացած է: Այն տեղի ունեցած է սպանութենէն 15 օր առաջ: Իսկ թէ ի՞նչ յանձնարարութիւն ստացած է, ժանտարմը չէր գիտեր: Ըսաւ՝ չեմ ուզեր ինքզինքս խնդիրներու մէջ դնել», - պատմած է Կիւն:

Նշենք, որ 2012 թուականին Հրանդ Տինքի սպանութեան կազմակերպման մեղադրանքով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Եասին Հայալը նամակ գրած էր դատարան, պնդելով, որ սպանութեան գլխաւոր մեղավորը գործով արդարացած Էրհան Թունճէլ է:

2013 թուականի Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած Էրհան Թունճէլ ձերբակալութենէն ետք յայտարարած էր, որ ինք պետութեան համար իրականացուցած ծառայութեան գինը կը վճարէ։ Թունճէլ իր հերթին նիստի ընթացքին ամբողջ մեղքը բարդած է ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան վարչութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն վրայ: