Նոր Տարուան գիշերը «Ազատութեան» հրապարակին մօտ ոստիկանութեան հետ բախում ունեցած «Նոր Հայաստան» շարժման 7 անդամներ ազատ արձակուեցան, մինչ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Գէորգ Սաֆարեանի դէմ կալանքի որոշում հրապարկուեցաւ: Սաֆարեան կը մեղադրուի Ոստիկանութեան 4-րդ գումարտակի պետ Գեղամ Խաչատրեանի (յայտնի՝ հրեշտակապետ անունով) տան մօտ սպառնալիքներ հնչեցնելու մեղադրանքով: Նշենք, որ Սաֆարեան կալանաւորուած պիտի մնայ երկու ամսուան ժամկէտով: