image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոլ Փաշինեանի գտնուած վայրը կը մնայ անյայտ

Նիկոլ Փաշինեանի   գտնուած  վայրը կը մնայ անյայտ

 «ԵԼՔ»ի  առաջնորդ  ընդդիմադիր գործիչ   Նիկոլ Փաշինեանի     կալանաւորման   վայրը  կը    շարունակէ մնալ անյայտ: 

  Փաշինեան, որ երէկ  հանդիպում  ունեցած էր   վարչապետ   Սերժ Սարգսեանին  հետ   հանդիպումէն քիչ  անց  բերման   ենթարկուած էր ՀՀ  ուժային կառոյցներու   դիմակաւոր       ոստիկաններու կողմէ:

 

   Երեկոյեան   Փաշինեանի      դիմատետրի  պաշտօնական  էջը  գրառում մը կատարելով    յայտնած էր, որ ան   կը գտնուի    «Սեւան»   քրէակատարողական    կեդրոն, սակայն  այս առաւօտ «Ազատութիւն»  ռատիօկայանը  հերքած էր այդ  տեղեկութիւնը հաւաստելով, որ Փաշինեանի գտնուած  վայրը  ցարդ  կը մնայ  անյայտ: