image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոլ Փաշինեան ազատ արձակուեցաւ

Նիկոլ Փաշինեան ազատ արձակուեցաւ

Նիկոլ Փաշինեանը դուրս եկած է ձերբակալուածներու պահման վայրէն, որու մասին յայտանած է Նիկոլ Փաշինեանի փաստաբան Նիկոլայ Բաղտասարեանը:

Հարցին, թէ ինչ կարգավիճակի մէջ դուրս եկած է Փաշինեանը եւ ի՞նչ որոշմամբ, Բաղտասարեանը յայտնած է, որ ոչինչ յայտնի է. «Աւելի ուշ, բայց այս պահին Փաշինեանն այլեւս Ձերբակալուածներու պահման վայրում չէ, դրսում է»:

Նշենք, որ ազատ են նաեւ ԱԺ պատգամաւորներ Արարատ Միրզոյեանն ու Սասուն Միքայէլեանը:

ՁՊՎ-էն դուրս գալէն ետք Փաշինեանը ըսած է, որ այս ընթացքին կը ծանօթանայ իրավիճակին, որմէ ետք կը կայացնէ որոշումներ: