Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ ԱՄՆ դեսպանատան Երուսաղէմ տեղափոխումը պիտի կայանայ մի քանի օր անց: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:
Նաթանիահու երէկ առաւօտեան կառավարութեան նիստի մեկնարկին նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի ընդունի «Իսրայէլի իսկական ընկեր» ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մայք Պոմպէոն:
«Իսրայէլա-ամերիկեան յարաբերութիւններն այսօր աւելի ուժեղ են, եւ այս առիթով ես կը ցանկայի կրկին շնորհակալութիւն յայտնել Նախագահ Թրամբին՝ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշման համար»,- ըսած է Նաթանիահու, աւելցնելով, որ «տեղափոխութիւնը տեղի պիտի ունենայ մի քանի օր անց եւ սա գետնի վրայ տեղի ունենալիք իրականութիւն է»:
Նաթանիահու նաեւ ըսած է , որ ան Պոմպէոյի հետ պիտի քննարկէ «տարածաշրջանային զարգացումները, Իրանի աւելացող թշնամութիւը եւ, իհարկէ, Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրը, որու վերաբերեալ որոշումը շուտով պիտի ձեռնարկուի»: