Մելգոնեան կրթական հաստատութեան 1970-ի շրջանաւարտները պիտի աջակցին, Քալիֆորնիոյ նահանգի 25-րդ շրջանի սենատի աթոռի միակ հայ թեկնածու Խաչիկ Քրիսթ Շահինեանին: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 7 յունիս 2016-ին: 1970–ի Մելգոնեանցի շրջանաւարտները իրենց զօրակցական յայտարարութեան մէջ գրած են՚ «Մենք պէտք ունինք այնպիսի նահանգի սենատի մը, որ հանդէս գայ ժողովուրդի ձայնով՝ կրթութեան, յանցագործութեան նուազեցման, միջին խաւի պահանջներու եւ աշխատավարձերու հարցերու վերաբերեալ: Մենք բոլորս պէտք է քուէարկենք պետական սենատի մը համար, որ պիտի խօսի եւ գործէ ժողովուրդին համար»: Ինչպէս կը նշուի յայտարարութեան մէջ, Շահինեան Հայկական հարցերու ՝ լաւատեղեակ եւ զօրաւոր ջատագովող մըն է՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան կազմակերպութիւններուն: