image

Նախարար Թորոսեան. «Մենք կարիք ունինք մեր բժիշկներու նեցուկին»

Նախարար Թորոսեան. «Մենք կարիք ունինք մեր բժիշկներու նեցուկին»

«Յարգելի գործընկերներ, յարգելի բժիշկներ, մեզի անհրաժեշտ է ձեր մասնագիտական ներուժը, ձեր միւս գործընկերներուն անհրաժեշտ է ձեր աջակցութիւնը»,-կոչով հանդէս եկած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

«Խօսքը յատկապէս անեսթեզիոլոկ-ռեանիմաթոլոկներուն (անզգայացնող- վերակենդանացնողներուն) կը վերաբերի, որոնց կարիքը ունինք ամենաշատը, քանի որ աւելի քան 350 ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներու խնամքին համար ձեր աջակցութիւնը պէտք է։

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուելու համար, կը խնդրեմ ձեր ինքնակենսագրականները ուղարկել hr@moh.am հասցէով կամ զանգահարել»,-գրած է ան: