image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է ԱԺ ընտրութիւններու քուէարկութեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է ԱԺ ընտրութիւններու քուէարկութեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան տիկնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանին հետ այսօր առաւօտեան մայրաքաղաքի թիւ 9/18 ընտրատեղամասին մէջ մասնակցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութեան:


Քուէարկութենէն ետք պատասխանելով լրագրողներու հարցերին, թէ քուէաթերթիկը քուէատուփին մէջ նետած ժամանակ ի՞նչ մտածեց կամ ի՞նչ յիշեց՝ զինուորնե՞րը, սահմա՞նը, Հանրապետութեան Նախագահը յայտնած է. «Մտածեցի, որ խաղաղութիւնից թանկ բան չկայ, եւ ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի մեր սահմաններին հանդարտութիւն լինի, եւ այդ սահմանները լինեն անձեռնմխելի»:


Մէկ այլ հարցի, թէ նախագահն ինչպէ՞ս կը գնահատէ քարոզարշաւը եւ կուսակցութեան յաղթելու հնարաւորութիւնը, Սերժ Սարգսեան նշած է, որ այսօր հնարաւորութիւններ գնահատելու ժամանակը չէ, այսօր քուէներ ստանալու ժամանակն է: