ՀՀ Նախագահի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեանը հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ Ամանորին վատացած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ինքնազգացողութիւնը եւ ան տեղափոխուած է «Նաիրի» բժշկական կեդրոն:
«Տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը։ Նախագահի մօտ եղել է թեթեւ մրսածութիւն, եւ այս ընթացքում գտնուել է տանը»,- Tert.am-ին յայտնած է ՀՀ Նախագահի մամլոյ քարտուղարը:
Նշենք, որ «Ժամանակ» օրաթերթը, անդրադառնալով 5 յունուարին Սուրբ Զատկի Ճրագալոյցի պատարագին եւ 6 յունուարին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պատարագին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բացակայութեան, գրած էր, թէ Նախագահը այդ արարողութիւններուն չէ մասնակցած, քանի որ ինքնազգացողութեան վատացման պատճառով հիւանդանոց տեղափոխուած է։