Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով պաշտպանները կը պնդեն, որ Տինքի հետ հանդիպած թրքական հետախուզութեան նախկին աշխատակիցները պէտք է դատարանին առջեւ ցուցմունք տան:
Տինքի սպանութեան գործով առանցքային վկաներ կը հանդիսանան հայազգի լրագրողին հետ 2004 թուականի Փետրուար 24-ին նահանգապետարանի մէջ հանդիպած թուրքական հետախուզութեան աշխատակիցները:
6 Սեպտեմբերին նիստի ժամանակ դատախազը միջնորդութիւն ներկայացուցած էր առ այն, որ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան աշխատակիցներու ցուցմունքը լսելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որուն մասին առարկած են Տինքի պաշտպանները՝ համարելով, որ այդ պիտի խոչընդոտէ գործի լիարժէք բացահայտմանը:
Դատարանը հետաձգած է տվեալ միջնորդութեան մասով որոշում կայացնելը, կը յայտնէ Պոլոյ մէջ գործող «Ակօս» թերթի կայքը:
Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական լսումները պիտի շարունակուին 26, 27 ու 28 Նոյեմբերին:
4 Սեպտեմբերին Պոլսոյ 14-րդ ծանր գործերով քրէական դատարանին մէջ կայացած էր Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը: Նիստին ընթացքին վկայի կարգավիճակով ցուցմունք տուած էր Պոլսոյ նախկին նահանգապետի օգնական Էրկիւն Կիւնկորը, որը մանրամասնութիւններ հաղորդած է 2004 թուականի 24 Փետրուարի Պոլսոյ նահանգապետարանի մէջ Հրանդ Տինքի հետ հանդիպումէն, որը կայացած էր Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան պահանջով:
Հրանդ Տինքը սպանուած էր 2007 թուականի 19 Յունուարին` Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի վրայ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի դաւադիր գնդակով։ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կը տեւէ աւելի քան 10 տարի ու տակաւին չէ գտած իր հանգուցալուծումը: