image

Մուրատ Նազարեանի Դատական Վճիռը 2 Դեկտեմբերին

Մուրատ Նազարեանի  Դատական  Վճիռը   2  Դեկտեմբերին

 Պոլսոյ մէջ    Մարիձա Քիւչիքը ծեծելով   (28   Դեկտեմբեր  2013 ) սպաննելու   մեղադրանքով բանտարկուած Մուրատ Նազարեանի դատական  վճիռը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ 2  Դեկտեմբերին: Այս մասին  այսօր գրած է «Ակօս»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ  Նազարեանի  դատական գործին մասնակցող փաստաբանը       դժգոհութիւն յայտնած է, որ     Քիւչիքի   սպաննութեան դէպքի վայրին մէջ   իր կողմէ դատարան  տարուած արիւնոտ  լաթի կտորին   քննութիւնը   ամբողջական չէ եղած:   Դատական  գործի ընդհանուր դատախազը  նաեւ յայտարարած էր,  որ    Քիւչիքի սպաննութեան ատեն մէկէ  աւելի անձեր ներկայ եղած են:  Գլխաւոր մեղադրեալ  Մուրատ Նազարեան, որ կը շարունակէ   լռութիւն պահել,  կրնայ     դատապարտուիլ   ցկեանս բանտարկութեամբ: Յիշեցնենք, որ նոյն օրերուն Պոլսոյ Սամաթիա շրջանին մէջ  հայ տարեցներու դէմ մէկէ աւելի յարձակումներ եղած էին: