image

Մոսկուայի յորդորը ԹԷլ Աւիւին. «Մենք պատերազմ չենք ուզեր»

Մոսկուայի յորդորը ԹԷլ Աւիւին. «Մենք պատերազմ չենք ուզեր»

 

 

 Մոսկուայի     յորդորը  Թէլ Աւիւին . «Մենք պատերազմ չենք ուզեր»

 

Անցնող   օրերուն ընթացքին, ինչ  որ  տեղի կ'ունենար  Սուրիոյ երկնակամարին վրայ նորութիւն  մը չէր: Խօսքը  կը վերաբերի Իսրայէլեան օդուժին կողմէ կատարուած քանի մը գրոհներուն, որոնք   թիրախ ընտրած էին Սուրիոյ բանակի  տարբեր  դիրքեր:

 

 Խորքին մէջ իսրայէլեան օդուժին տուած հարուածներուն թիրախը ոչ թէ սուրիական բանակին դիրքերն էին, այլ  դէպի Լիբանան  ուղղուած   զէնք  փոխադրող  բեռնատար կառքերը, որոնց նպատակն էր «Հիզպուլլահ»ին  զէնք մատակարարել:

 

Թէլ Աւիւի զինուորական մակարդակի ղեկավարութեան համար «Հիզպուլլահ»ի  դէմ  պատերազմի նախասկիզբ քայլը, այդ կուսակցութեան ռազմական ունակութիւնները սահմանափակելն է:  Ու այս ռազմավարութիւնը սկիզբ առած էր յատկապէս 2006-ին , Իսրայէլի Լիբանանի դէմ  շղթայազերծուած թէժ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք:

 

 Այդ օրերուն էր նաեւ, որ պարզ կը դառնար, որ հակառակ Իսրայէլեան բանակի օդուժին ունեցած յստակ առաւելութան, անհնար էր  «Հիզպուլլահ»ը  ծունկի  բերել:

 

 Այսօր այդ պատերազմէն անցած է 11 տարիներ: Այս միջոցին Իսրայէլ մղած է    չորս պատերազմներ (որոնց ամէնէն թէժը ՝ 2014-ին), նպատակ ունենալով չէզոքացնել Կազայի մէջ տիրապետութիւն հաստատած «Համաս» շարժումի զինուորական բոլոր թեւերուն կարողութիւնները: Սակայն Թէլ Աւիւի բոլոր ճիգերը  մնացած են անօգուտ: Թէլ Աւիւի  արտաքին գլխաւոր թշնամին «Համաս»ը չէ, այլ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը: Այս խնդրին շուրջ ալ    իսրայէլացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ բացայայտ կերպով յայտարարած  են, որ «Հիզպուլլահ»ը  սովորական  հակառակորդ մը չէ, այլ ան կարողութիւնը ունի    անդամալուծելու  Իսրայէլի հիւսիսային  ամբողջ սահմանագիծը:

 

 Ու նկատի առնելով այս ընդհանուր դրութիւնը, Թէլ Աւիւ սկսած էր համոզուիլ,  որ       «Հիզպուլլահ»ի զինուորական կարողութեան «չէզոքացման» առաջին փուլը սկիզբ   պէտք է առնէ Սուրիայէն, հարուածելով այն շարասիւները, որոնք իրանեան արդիական զէնքեր կը  փոխադրեն դէպի Պէյրութ:

 

2012-ին, երբ Սուրիոյ տագնապը սկսաւ արիւնալի պատերազմի կերպարանք ստանալ,  իսրայէլացի պատասխանատուներ  ուզեցին հաւատալ, որ շրջանին մէջ տիրող տագնապալի իրադրութեան հետեւանքով, իրենք  պիտի կարողանան «աւելի արագ» եւ «աւելի շեշտակի» հարուածներ տալ «իրանեան շարասիւններուն»: Եւ այդպէս ալ ըրին: Փաստ է, որ Սուրիոյ պատերազմին թէժանալուն հետ, Թէլ Աւիւի  կործանիչներ տասնեակ գրոհներ կատարեցին  Սուրիոյ մէջ, այդպիսով  համոզուելով,  որ պիտի կարողանան գէթ  «սառեցնել» «Հիզպուլլահ»ի  զինուորական  կարողութիւններուն «համալրում»ը:

 

 Այս առումով  ալ դժուար է յստակ կերպով պատասխանել այն հարցին, թէ արդեօք  Իսրայէլ կարողացա՞ւ հասնիլ իր նպատակին եւ ձեւով մը «անդամալուծել» շիիթ  կուսակցութեան զինուորական շարժումները:

 Այդ հարցումին պատասխանը կրնայ երեւիլ միայն լայնածաւալ գործողութիւններու պարագային, տրուած ըլլալով, որ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա իր պատկերասփռուած  տարբեր  ելոյթներոն  ընթացքին չի մոռնար իր    առաջնորդած    կուսակցութեան ունեցած զինուորական  արդիական  մեթոտներուն մասին նշումներ  ընել:

 

Վերադառնալով անցեալ շաբաթներուն Սուրիոյ մէջ գրանցուած ապահովական  դէպքերուն, ըսենք, որ  գրոհները  տեղի կ'ունենային   3  եւ21  մարտին:

 

 Այսպէս 3 մարտին Իսրայէլեան օդուժի կործանիչները կը  հարուածէին  Սուրիոյ բանակի  շարք մը դիրքեր: Այս մասին կը տեղեկացնէր «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը՝ հաղորդելով նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը հակազդած է իսրայէլեան կործանիչներուն եւ  հրթիռներ արձակած անոնց ուղղութեամբ: Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ իսրայէլեան բանակի կործանիչները թիրախաւորած էին  դէպի Լիբանան հրթիռներ փոխադրող շարասիւն  մը:
Այս տեղեկութեան վերաբերեալ արաբական որեւէ աղբիւր չէր հակազդած: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին  սուրիական հրթիռներէն մէկը կ'իյնար Յորդանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածին վրայ, ինչը որ  պատճառ  կը դառնար   իսրայէլեան քաղաքներու մէջ ահազանգային սուլիչներու  արձակման:

 

Իսկ 21 Մարտին սուրիական բանակը վար կ'առնէր իսրայէլեան անօդաչու սարք մը: Դէպքը  կը պատահէր  «Ալ Քընայթրա» սահմանային հատուածին վերեւ: Աւելի ուշ       կը  յստականար, անօդաչու սարքը Sky Lark տիպի է եւ ան կը կշռէ 7 քիլոկրամ:

 

 

17 Մարտին ալ լրատուական տարբեր գործակալութիւններ կը փոխանցէին, որ իսրայէլեան կործանիչ մը վար առնուած է սուրիական հողերուն վրայ, սակայն այդ լուրը  աւելի ուշ կը հերքուէր:

 

 Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիհաու (17 մարտին) խօսելով Սուրիոյ մէջ  կատարուած  գրոհներուն մասին, կը յայտարարէր՝
«Մեր քաղաքականութիւնը հետեւողական է. «Հիզպուլլահ»ի ժամանակակից զէնքի փոխանցման փորձերը յայտնաբերելու պարագային, եւ եթէ ունինք հետախուզական տուեալներ, եթէ ունինք  հնարաւորութիւն, մենք աշխատանք կը կատարենք իրադարձութիւններու նման զարգացումը կանխելու համար»,- ընդգծած էր  Նաթանիահու:

 

 

 Սուրիոյ մէջ գրանցուած դէպքերուն զուգահեռ, ամէնէն ուշագրաւ «շարժում»ը կը համարուէր Մոսկուայի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կարի Քորինի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուիլը: Այդ մասին պաշտօնական Մոսկուան  աւելի ուշ  բացատրութիւն մը տալով կը յայտարարէր, թէ իրենք «շատ մտահոգ» են Սուրիոյ մէջ գրանցուող դէպքերով ու մասնաւորապէս Իսրայէլի կողմէ կատարուած    գրոհներով:

 

 Ի տարբերութիւն մօտիկ  անցեալի իրադրութեան, Մոսկուա  առաջին անգամն էր, որ նման «վրան  բաց» յայտարարութեամբ մը հանդէս  կու գար:

 Մոսկուա ցոյց կու տար, որ  յետ այսու կը դադրի  «չէզոք»  դեր ունեցողի իր նախկին դերէն եւ կը յայտարարէ, որ իր համար նոյնքան կարեւոր ու կենսական են սուրիական բանակի դիրքերը:

 

 Եղած «դիւանագիտական աքթ»ը առիթ կը հանդիսանար տարբեր տեսակի մեկնաբանութիւններու: Յատկապէս իսրայէլեան կողմին համար Մոսկուա «պապէն աւելի պապական» կեցուածք ընդունելով, «Դեղին քարտ» ցոյց կու տար Թէլ Աւիւի կառավարութեան ու կը բացատրէր, որ «խաղի կանոնները փոխուած են»: Իսրայէլեան մամուլի կարեւոր ներկայացուցիչ համարուող «Մաարիվ»ը այս  թեմային անդրադառնալով կը գրէր, որ «եթէ Իսրայէլ փորձէ անգամ մը եւս հարուածել սուրիական բանակի դիրքերը, կամ դէպի Լիբանան ուղղուող եւ զինամթերք փոխադրող շարասիւնները, ապա շատ հաւանական է, որ մեր բանակի կործանիչները դառնան ռուսաստանեան օդային անվտանգութեան համակարգի  իսկական թիրախ»:

 

  «Մարրիվ»  առանձին չէր այս մօտեցումին  մէջ: Իսրայէլեան բանակի «վերլուծողական մտքի» կարեւոր ներկայացուցիչներ, նոյնպէս  համոզուած էին, որ  ռուսաստանեան  ուժերու  Սուրիա  ներկայութիւնը շատ բան փոխած է ընդհանուր պատկերէն:

 

  Ռուսաստան-  Իսրայէլ   յարաբերութիւններու  ընդհանուր  շրջագիծին մէջ  ուշագրաւ է, որ       Մոսկուա  այցելած Իսրայէլի վարչապետը  (9 մարտ)   մէկ տարուան ընթացքին  Ռուսաստան   կ'այցելէր չորրորդ անգման ըլլալով: Ռուսաստանեան կողմին համար ալ  զարմանք կը պատճառէր  Նաթանիահույի  Մոսկուայի  մէջ կատարած «բարեխիղճ»  յայտարարութիւնները, որ  ոչ մէկ աղերս կ'ունենային իրականութեան   հետ: Ու այս բոլորը  պատճառ կը դառնային, որ Մոսկուա   աւելի  «ծանր լեզու» մը գործածէ  Թէլ  Աւիւին հետ:

 

Ու այս բոլորին լոյսին տակ շատ  հաւանական է, որ Իսրայէլ վերատեսութեան ենթարկէ Սուրիոյ մէջ զինուորական բացայայտ հարուածներ  կատարելու իր    ռազմավարութիւնը:

 

  Վարչապետ Նաթանիահու անհանգիստ է այսօր ստեղծուած իրավիճակէն ու չէ բացառուած, որ ան ամէն գնով մտածէ նոր ելքերու մասին, որոնց հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլայ «անդամալուծել» Լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը:

 

 Սագօ Արեան