image
Հրատապ լուրեր:

Մխի­թա­րեան Սա­նուց Միու­թեան 70-ա­մեայ Յո­բե­լեա­նի Հանդիսութիւն

Մխի­թա­րեան Սա­նուց Միու­թեան 70-ա­մեայ Յո­բե­լեա­նի Հանդիսութիւն

Կիրակի, Յունուարի 24-ին Պոլսոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է շքեղ հան­դի­սու­թիւն մը, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թիւ։ Հանդիսութիւնը կատարուած է Հար­պիէի «Լիւթ­ֆի Քըր­տար» միջազգային դահլիճին մէջ, որու ընթացքին Պէ­յօղ­լուի  «Լու­սա­ւո­րիչ» երգ­չա­խում­բը Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի ղեկավարութեամբ եւ շուրջ յի­սուն հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուցած է «Հրանդ Տինք»ի օ­րա­թո­րիոն, որու հե­ղի­նակ­ներն են Պեր­ճու­հի Պէր­պէ­րեան եւ Մա­ժակ Թո­շի­կեան։ Երգահանդէսի մե­ներ­գիչ­ներ Գա­րին Պոզ­քուրթ, Պօ­ղոս Ե­ղիա­զար եւ Սէր­ճան Կա­զէ­րօղ­լու իրենց բարձրորակ կատարմամբ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած են հան­դի­սա­տես­ին վրայ։ Նշենք, որ ձեռ­նար­կի գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւորը եղած է Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ, բարերար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլը։