Կիրակի, Յունուարի 24-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է շքեղ հանդիսութիւն մը, Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին առիթիւ։ Հանդիսութիւնը կատարուած է Հարպիէի «Լիւթֆի Քըրտար» միջազգային դահլիճին մէջ, որու ընթացքին Պէյօղլուի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ շուրջ յիսուն հոգիէ բաղկացեալ սիմֆոնիք նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ ներկայացուցած է «Հրանդ Տինք»ի օրաթորիոն, որու հեղինակներն են Պերճուհի Պէրպէրեան եւ Մաժակ Թոշիկեան։ Երգահանդէսի մեներգիչներ Գարին Պոզքուրթ, Պօղոս Եղիազար եւ Սէրճան Կազէրօղլու իրենց բարձրորակ կատարմամբ խոր տպաւորութիւն գործած են հանդիսատեսին վրայ։ Նշենք, որ ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորը եղած է Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ, բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլը։