image

Միշէլ Աուն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար

Միշէլ Աուն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար

Լիբանանի նորընտիր նախագահ Միշէլ Աուն  յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կը պատրաստուի մեկնիլ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար՝ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանի խնդիրները քննարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ Քաթարի «Քանա» գործակալութիւնը:

Նախագահական պալատի մամլոյ խօսնակ Ռաֆիք Շալլալայի յայտարարութեան համաձայն, Աուն նախ պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա՝ յառաջիկայ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, որմէ ետք երկօրեայ այցով պիտի մեկնի Քաթար:

Յիշեցնենք, որ Աուն զոյգ երկիրներն այցելելու հրաւէրներ ստացած էր 2016 թուականի Նոյեմբերին Պէյրութ այցելած Մէքքայի Էմիր Խալէտ Ալ Ֆայսալին եւ Քաթարի Արտաքին Գործոց նախարարին կողմէ:

Նշենք, որ Լիբանանի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու փոխյարաբերութիւններու կարգաւորումը Աունի դէմ ծառացած գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է: