Օրեր առաջ մեծ աղմուկ բարձրացած է Սուրիոյ Համա քաղաքի ընկերային ցանցերուն վրայ, երբ քաղաքի մանկապարտէզներէն մին մերժած է ընդունիլ Մուսթաֆա Մահմուտ Ռապիհայի չորս տարեկան դստեր՝ Միրնայի մանկապարտէզին աշակերտիլը:
Այս մասին գրած է «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ Միրնայի հօր անուղակիօրէն տեղեկացուցած են, որ իր աղջնակը «վախի մթնոլորտ մը կը տարածէ դպրոցին մէջ եւ երեխաները կը վախնան անկէ»:
Հայրը աւելի ուշ դիմած է քաղաքի կրթութեան նախարարութեան վարչութիւն՝ պարզաբանում պահանջելով եղած դէպքին վերաբերեալ: Աւելի ուշ դպրոցը դիմատետրի իր էջին հաղորդագրութիւն մը տարածելով գրած է, որ Միրնայի դպրոց չընդունուիլը կապուած է դասարանին մէջ բաւարար տեղեր չըլլալուն հետ եւ այս մասին որեւէ այլ մեկնաբանութիւնը ընդունելի չէ:
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ աւելի ուշ մանկապարտէզի պատասխանատուները յայտնած են, որ Միրնա կրնայ իր դասարան վերադառնալ, բայց վերջինիս հայրը մերժած է ընդառաջել առաջարկին:
«Մեր սիրտը կոտրեցին եւ հիմա կ'ուզեն, որ ետ դառնանք: Ընդունելի չէ եղածը» ըսած է Ռապիհա եւ նշած, որ հարցը յանձնուած է կրթական մարմիններու ուշադրութեան:
«Ալ ժատիտ» նաեւ կը յայտնէ, որ շնորհիւ ընկերային ցանցերու եւ կարգ մը օգտատէրերու աշխուժութեան հնարաւոր եղաւ բարձրաձայնել այս խնդիրը, նշելով նաեւ, որ սուրիական ընկերութիւնը բաւական մեծ բարդոյթներու առջեւ կը կանգնի: