image

Միջազգային Դաշնութիւնը «Եփրատի Վահան»ի գործողութիւններուն աջակցելու հաւանութիւն յայտնեց

Միջազգային Դաշնութիւնը «Եփրատի Վահան»ի գործողութիւններուն աջակցելու հաւանութիւն յայտնեց

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարող Միջազգային Դաշնութիւնը 4 յունուարին հաւանութիւն յայտնած է աջակցելու Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ «Տահէշ»ի դէմ պայքարող թրքական «Եփրատի Վահան»ի ռազմական գործողութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ կողմերը նշուած համագործակցութեան մանրամասները չեն բացայայտած, բաւարարուելով միայն այն յայտարարութեամբ, որ Դաշնութիւնը Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարէ այդ հարցին շուրջ:

Նշենք, որ Թուրքիա բազմիցս դիմած էր Միջազգային Դաշնութեան՝ վերջինիս օժանդակութիւնն ստանալու համար, սակայն մերժողական պատասխան ստացած:

Յիշեցնենք նաեւ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Միջազգային Դաշնութեան օդուժը թրքական կողմի առաջարկով սուրիական Ալ Պապ քաղաքին մօտ «ոյժի ցուցադրութիւն» իրականացուցած էր, առանց զինամթերքի օգտագործման: