Իրանի դատական իշխանութեան ղեկավար՝ Իպրահիմ Ռաիսին եւ խորհրդարանի նախկին խօսնակ՝ Ալի Լարիճանին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են իրանի մէջ յաջորդ ամիս կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար:
Ինչպէս կը հաղորդէ BBC News-ը, երկու պահպանողական գործիչները, որոնք սերտ կապեր ունին երկրի գերագոյն առաջնորդ, Այաթուլլա Ալի Խամենէին հետ, կը համարուին յաջողութեան հասնելու ամենահաւանական թեկնածուները:
Աղբիւրը նշած է, որ գործող նախագահ՝ Հասան Ռոհանին չի կրնար երրորդ անգամ անընդմէջ առաջադրուիլ երկրի ղեկավարի պաշտօնին:
Ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 300 թեկնածու դիմում ներկայացուցած է ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Յեղափոխութեան պահապաններու խորհուրդը այժմ պէտք է հաստատէ ընտրութիւններուն մասնակցողներու թեկնածութիւնները: Անոնց անունները պիտի յայտարարուին 27 մայիսին:
Ընտրութիւնները պիտի կայանան 2 յունիսին: Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր երկրի նախկին նախագահ՝ Մահմուտ Ահմատինեժատը: