image

Միացեալ Նահանգեր- «Հըզպալլա» ճակատումի նոր առիթնե՞ր

Միացեալ Նահանգեր- «Հըզպալլա» ճակատումի նոր առիթնե՞ր

 Միացեալ Նահանանգներ կը պատրաստուի նոր «գրոհ» մը կազմակերպել «Հըզպալլա»ի դէմ: Ամիսներէ ի վեր Լիբանանի դէմ տնտեսական պատիժներ սահմանելու մասին խօսակցութիւններէն ետք ԱՄՆ «բացած  է» նոր ճակատ մը, որ Լիբանանի հարաւի ճակատն է եւ որուն հիմքով ամերիկացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ այս անգամ սահմանային վերահսկողութիւնը ապահովող ՄԱԿ-ի «Եունիֆիլ»ի ուժերուն դէմ լսելի դարձած քննադատական խօսքերն են, որոնց շնորհիւ է նաեւ, որ ԱՄՆ պիտի պահանջէ ՄԱԿ-էն «նեղի դնել»  «Հըզպալլա»ն  եւ ոչինչէն փորձել փոթորիկ ստեղծել Լիբանանի համար:

 

 Անշուշտ այս բոլորը պիտի կատարուին դիւանագիտական մակարդակի վրայ, տրուած ըլլալով, որ Իսրայէլ եւս ամերիկեան «կանաչ լոյս» մը չունի հարուածելու համար «Հըզպալլա»ն:

  Յիշեցնենք, որ անցնող ամիսներուն եւս Ամերիկեան Միջին Արեւելեան քաղաքականութեան օրակարգին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէր «Հըզպալլա»ի դրամական «կարողականութիւն»ը եւ աղբիւրներ վերահսկելու հարցը,  որ  առաջ կը մղուէր նաեւ յատուկ «մէսըճներ» ուղղարկելով Լիբանանի կառավարութեան, կեդրոնական դրամատան պատասխանատուներուն եւ երկրի ելեւմտական ոլորտի գլխաւոր ղեկավար համարուող Ռիատ Սալամէին (Լիբանանի կեդրոնական դրամատան  ընդհնաուր կառավարիչ):

 

  Ամերիկեան  այս ճնշումները  նորութիւն չեն ու անոնք կը շարունակեն    մնալ   «Հըզպալլա»ի  դէմ   ընթացք  առած  ընդհանուր  խուսանաւումներու  ծիրին մէջ եւ որոնք  առաջ կրնան   տարուիլ   ելեւմտական ու դիւանագիտական ճանապարհներով: