Պէյրութի հայաբնակ նեղ ու համեստ թաղերէն մէկուն մէջ յայտնաբերեցի հալէպահայ ընտանիքի մը պատերազմային փորձառութիւնը: Առայժմ Պէյրութ հաստատուած Դալար Ճորճ Բարլաքեան, որ մայր է երեք զաւակներու, պատմեց Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին իր ապրած փորձառութեան մասին:
Դալարի փորձառութիւնը սկսաւ Հալէպի ճգնաժամային օրերէն, երբ ան իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ լքեց իրենց հրթիռակոծուած բնակարանը եւ ապաստան գտաւ իրենց մեծ մօր տան մէջ: Դալար, յիշելով հալէպեան առօրեան, ըսաւ. «Մենք Հալէպի լաւ օրերը ապրեցանք, չենք կրնար ուրանալ, բայց ալ տեղ մը եկաւ սկսան ցաւերը, փորձանքները իրար վրայ կուտակուիլ: Մենք, որպէս երիտասարդ հայր եւ մայր, ուզեցինք աւելի ապահով տեղ մը գտնել մեր զաւակներու ապագային համար»:
Սուրիահայերու համար կազմակերպուած գաղթի հոսանքին որպէս արհամարհանք Դալար իր ընտանիքին համար ապաստան գտած էր Մայր հայրենիքի մէջ, որուն համար շեշտեց ու ըսաւ. «Աղջիկներս իրենց մանկութենէն ծանօթ են Հայաստանին, թէեւ լուսանկարներով ու պատմութիւններով եւ իրենք զիրենք օտար չզգալու պատճառով մեր նպատակը եղաւ հայրենիք փոխադրուիլ»:
Դալարի ընտանիքը մէկն էր այն հարիւրաւոր ընտանիքներէն, որոնք պիտի ստեղծէին իրենց համար նոր աշխարհ, նոր կեանք եւ նոր միջավայր: Դալար նաեւ պատմեց Հայաստանի, իրենց յարմար կեանք մը վարելու հիմնական վայր մը ըլլալուն մասին եւ ըսաւ. «Մեզի մեծ յարգանք ցուցաբերեցին, մեր հայրենակիցները: Մանաւանդ փոքրերու նկատմամբ իրենց սէրն ու յարգանքը անբացատրելի է: Հայրենիքի մեր ժողովուրդը մեծաւ մասամբ կը տառապի անգործութենէ եւ այս պատճառով ստիպուեցանք Լիբանան վերադառնալ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար»:
Բացի անգործութեան դժուարութիւններէն, Դալարի համար մեծ դժուարութիւնն էրամուսնոյն բացակայութիւնը: Տան հայրը ստիպուած էր Հալէպ մնալ, մինչեւ կրնար օդանաւի տոմսակի գումարը ապահովել եւ հետեւիլ ընտանիքին: Դալար, փորձելով արագացնել ամուսնոյն տեղափոխումը Հայաստան, դիմած է հաստատութեան մը, զոր ստանձնած էր ձրիաբար օդանաւի տոմս ապահովել սուրիահայերուն, սակայն ահա մէկ տարիէ ի վեր Դալարի փոքրիկները զրկուած են իրենց հօր ներկայութենէն, գոնէ ժամանակաւորապէս:
Լիբանան այնքան ալ հեշտ վայր մը չէ Դալարին համար, ինչպէս նաեւ ինք ըսաւ. «Մեր ապրած դրախտավայր Հայաստանի դիմաց, Լիբանանի վարժ դառնալը բաւական դժուար է, մանաւանդ փոքրերուս համար: Հոն՝ Հայաստան օրական ունէին իրենց խաղավայրի ժամը, իսկ հոս ստիպուած «բանտարկուած» են չորս պատերով փոքր բնակարանին մէջ»: Անկախ մինակութեան զգացումէն Դալար կը շեշտէ նաեւ, թէ հայրենքի բարեսիրական եւ ընկերային հաստատութիւնները մեծ խնամք ցոյց տուած են, մինչ Լիբանան այդ մէկը քիչ կը գտնուի:
Դալար վստահեցուց, թէ իրենց ընտանիքի յաջորդ եւ արդէն վերջնական հանգրուանը, ամէն գնով Հայաստանը պիտի ըլլայ:
Նիւթը պատրաստեց՝ Յովիկ Շէհիրեան