Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն պիտի ենթարկուի թոքերու արհեստական օդափոխութեան։ Այս մասին РИА Новости-ին յայտնած է Անգլիոյ առողջապահութեան ազգային համակարգի ղեկավարութեան մօտ աղբիւրը։
«Ճոնսընը հրատապ հիւանդանոց տեղափոխուած է, ան պիտի ենթարկուի թոքերու արհեստական օդափոխութեան»,-ըսած է գործակալութեան աղբիւրը։
Աւելի վաղ վարչապետի պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտնած էր, որ Ճոնսընը, որուն առողջական խնդիրները՝ բարձր ջերմութիւնն ու հազը դեռ կը պահպանուին, բուժող բժիշկի խորհուրդով տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Տաունինկ-սթրիթէն վստահեցուցած են, որ Ճոնսըն կը շարունակէ գլխաւորել կառավորութիւնը եւ կապի մէջ է նախարարներու գրասենեակի հետ։
Ճոնսընի COVID-19-ով վարակուած ըլլալուն մասին յայտնի դարձած էր 27 մարտին։