image

«Մեր ժողովուրդը այսօր հայրենիքը սիրողներու պակասն ունի. Միացէ՛ք հայեր» Խորէն Սրբազանի պատգամը Երուսաղէմէն (Տեսանիւթ)

«Մեր ժողովուրդը այսօր հայրենիքը սիրողներու  պակասն  ունի. Միացէ՛ք հայեր» Խորէն  Սրբազանի պատգամը  Երուսաղէմէն (Տեսանիւթ)

Կիպրոսի  Հայոց  Թեմի     Սուրբ Աստուածածին  առաջնորդանիստ  եկեղեցւոյ  զոյգ  երգչախումբերու (մեծերու եւ փոքրերու) Երուսաղէմ տուած      այցի  ծիրէն  ներս  սրտառուչ  պատգամով  մը հանդէս եկած է     այս առթիւ   երգչախումբին ընկերացած  Կիպրոսի Թեմի  առաջնորդ  Տ. Խորէն   արք. Տողրամաճեան:

 

Սրբազան հայրը իր խօսքի սկիզբը    շնորհակալութեան  յատուկ   խօսք  յայտնած է      Երուսաղէմի   Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան  արք. Մանուկեանին,  եւ բոլոր   անոնց, որոնց  շնորհիւ կարելի եղաւ    զոյգ երգչախումբերու   ելոյթները իրականութիւն դարձնել:

 

Սրբազան հայրը, կարեւորելով  նման նախաձեռնութիւնները  եւ նկատել տալով, որ Կիպրոսի   թեմի    զոյգ երգչախումբերը առաջին անգամն է, որ   գաղութէն  դուրս  ելոյթներով հանէս   կու գան եւ մէջբերելով     երգուած   երգերուն     իմաստն  ու պատգամները մասնաւորապէս  ըսաւ. «Այլեւս հատուածական եւ հիւանդագին  վիճակէն դուրս պէտք է գանք . միացէ՛ք  հայեր:  Այսօր աշխարհի վրայ  այդքան  քիչ մնացած ենք, որ  պէտք է    բոլորս  զիրար  սիրենք: Հպարտ պէտք է  ըլլանք       որ մենք  քրիստոնէութիւնը  ընդունած   առաջին ազգն ենք»:      

Սրբազանըլ   իր խօսքը աւարտելով  յայտարարեց. «Մեզմէ  իւրաքանչիւրը  կամաւոր է  եւ  պէտք է   գիտակցի    այդ պարտականութեանը: Արարատը մերն է սիրելիներ  եւ անպայման օր մը  տուն   պիտի վերադարձնենք  զայն»:

Սրբազան հօր    պատգամին ամբողջութիւնը  կարելի է      լսել    ներքեւը տեղադրուած  տեսանիւթով: