Սուրիոյ բանակի գերագոյն հրամանատարութիւնը այս առաւօտ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով դատապարտեց Եռակողմ դաշինքին կողմէ Սուրիոյ դէմ այսօր վաղ առաւօտ տեղի ունեցած զինուորական հարուածը:
Բանակի բանբերը, որուն տեսագրուած խօսքը սփռուեցաւ «Ալ Մայատին» կայանէն նաեւ նշեց, որ հարիւրէ աւելի հրթիռներ նետուած են Սուրիոյ ուղղութեամբ եւ բանակի պաշտպանական համակարգերը յաջողած են դէմ դնել այդ հարուածներուն:
Բանբերը նաեւ նկատել տուաւ, որ սուրիական պաշտպանական համակարգերը յաջողած են շեղել հրթիռներուն ուղղութիւնն ու ընթացքը:
Ան նաեւ յայտնեց, որ հարուածներուն թիրախ դարձած են Ալ Պարազա կեդրոնը, ուր կը գործէ տարրալուծարան մը եւ զինուորական կրթական կեդրոն մը: