image

Մենք եկած ենք մեծ ծրագրով. կայացած է Փաշինեան- Շոյկու հանդիպումը

Մենք եկած ենք մեծ ծրագրով. կայացած է Փաշինեան- Շոյկու հանդիպումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ընդունած է Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. «Յարգելի Սերկէյ Քուժուկեթովի, կ'ողջունեմ Ձեզ Հայաստանի մէջ: Սա շատ կարեւոր այց է: Կ'ուզեմ նշել, որ պատերազմի ընթացքին մենք մշտապէս զգացեր ենք Ռուսաստանի Դաշնութեան, ՌԴ նախագահի, վարչապետի աջակցութիւնը, Ձեր անձնական աջակցութիւնը: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի այդ կապակցութեամբ:

Ի հարկէ, պատերազմէն առաջ ալ դժուարին ժամանակաշրջան էր, բայց հիմա աւելի բարդ ժամանակներ են, եւ մենք յոյսով ենք, որ այս ընթացքին կը կարողանանք խորացնել մեր համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ, այդ շարքին` անվտանգութեան ոլորտի մէջ, եւ ոչ միայն անվտանգութեան, այլեւ ռազմական սարքերու համագործակցութեան:

Այժմ, ի հարկէ, մեր տարածաշրջանին մէջ այլ ռազմաքաղաքական իրավիճակ է: Այն փոխուած է, եւ դեռ պէտք է ուսումնասիրել այդ իրավիճակի բոլոր յարաչափերը: Եւ, ի հարկէ, վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական համագործակցութեան եւ եղբայրական բարեկամութեան ոգիով առաջիկային եւ ռազմավարական ապագային մեր կապերը կը շարունակեն խորանալ, մեր փոխգործակցութիւնը կ'ըլլայ աւելի սերտ եւ աւելի ռազմավարական: Շնորհակալ եմ»:

Իր խօսքին մէջ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն նշած է. «Յարգելի Նիկոլ Վովայի, շնորհակալ եմ ընդունելութեան եւ հանդիպման համար: Մենք եկած ենք լիովին յստակ, որոշակի խնդիրներով: Գիտէք, որ ստորագրուած յայտարարութենէն ետք ամենաարագ կերպով հրաւիրեցինք ողջ խաղաղապահ զօրակազմը, որու տեղակայումն աւարտած ենք երէկ չէ առաջի օրը: Այս օրերու ընթացքին տեղակայուած ենք գործնական Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին մէջ` 23 դիտակէտով, կը վերահսկենք Ստեփանակերտ տանող ճանապարհը, Լաչինի միջանցքը եւ կ'ապահովենք տեղաշարժը, այնտեղէն հեռացած փախստականներու վերադարձը:

Հետագային կը սպասուի մեծ աշխատանք` այս անգամ, յոյսով եմ, Ղարաբաղի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղութեամբ: Մեր կողմէ, ի հարկէ, գլխաւոր խնդիրը արիւնահեղութիւն թոյլ չտալն է` խնդիր, որ մեր առջեւ դրած է մեր գերագոյն հրամանատարը, եւ մենք, անկասկած, մտադիր ենք իրականացնել այն: Բացի այդ, մտադիր ենք քննարկել մեր խաղաղապահներու հետագայ կեանքին եւ աշխատանքին վերաբերող հարցեր, թէ ինչ անհրաժեշտ է ատոր համար: Եւ, բնականաբար, քննարկել բոլոր այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին մեր համագործակցութեան` ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ ռազմական սարքերու ուղղութեամբ: Մենք եկած ենք մեծ ծրագրով եւ յոյս ունինք իրագործել այն: Շնորհակալ եմ»:

Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմական եւ ռազմական սարքերու ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: