image

Մարքեզի աճիւններրը դէպի վերջնական հանգստավայր

Մարքեզի աճիւններրը դէպի վերջնական հանգստավայր

Քոլոմպիա-(«Ալ-Նահար»- Պէյրութ)-Քոլոմպիացի աշխարհահռչակ գրող, լրագրող, գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր՝ Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզի աճիւնը  կիրակի օր գրողի ծննդավայր Արաքաթաքայէն պիտի տեղափոխուի իր վերջնական հանգստավայր՝ Քոլոմպիոյ Քարթախենա քաղաքը: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը, նշելով, որ մեծ գրողի պատւոյն եւ յիշատակին Մարքեզի տան մօտ գտնուող  Մերսիտ վանքին մէջ, տեղի պիտի ունենայ արարողութիւն: Արարողութեան հրաւիրուած են շուրջ 400 անձ, որոնց շարքին նաեւ Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսը:

Նշենք, որ քոլոմպիացի հռչակաւոր գրողը մահացած էր 87 տարեկան հասակին՝ 17 ապրիլ 2014-ին, Մեքսիքոյի մէջ, ուր ան կ'ապրէր իր կնոջ՝ Մերսետիս Պարչայի հետ, 80-ականներէն ի վեր: