Սուրիա- (RT-Մոսկուա) Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 3 Փետրուարին նոր մանրամասնութիւններ հրապարակած է Սուրիոյ մէջ ռուս ռազմական խորհրդականի սպաննութեան շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ RT-ին, նշելով, որ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Զօրավար Իկոր Քոնաշէնքովը յայտնած է, թէ Ռուսաստանի ռազմական խորհրդականը, որու մահը հաստատած էր Մոսկուան, սպաննուած է ահաբեկիչներու կողմէ Հոմսի վրայ կատարուած ռմբակոծութեան հետեւանքով: Աղբիւրը կը նշէ, որ ռազմական խորհրդականը մահացած էր 1 Փետրուարին հիւանդանոցի մէջ, ծանր վնասուածքներ ստանալէ ետք, Սուրիոյ բանակի մէկ կեդրոնին դէմ «Տահէշ»ի զինեալներու իրականացուցած ռմբակոծութեան հետեւանքով, որու արդինքով զոհուած էին չորս սուրիացի զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ռուս խորհրդականը:Աղբիւրը կը նշէ սակայն, որ սուրիական աղբիւրներ ռմբակոծութեան մասին հաղորդած էին, որ 26 Յունուարին «Տահէշ»ի թիրախ դարձած էր Հոմսի մէջ սուրիական բանակի վերապատրաստման կեդրոնը, ինչը կը հակասէ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան թողարկած յայտարարութեան, ուր կը նշուի, որ ռմբակոծութիւնը տեղի ունեցած էր 1 Փետրուարին: Յատկանշական է, որ այս նոր տեղեկութիւնը կը հակասէ նաեւ այլ սուրիական աղբիւրներու, որորնք ռմբակոծութեան եւ ռուս խորհրդականի սպաննութեան պատասխանատուութիւնը դրած էին թրքական բանակին վրայ: Ըստ այլ աղբիւրներու, ռուս բարձրաստիճան զինուորականը սպաննուած է Լաթաքիոյ մերձ գտնուող Սալմա աւանին շուրջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին: