image

ՄԱԿ կը զգուշացնէ. Ֆալլուժայի մէջ շրջափակուածներու թիւը կը հասնի 90,000-ի

ՄԱԿ կը զգուշացնէ. Ֆալլուժայի մէջ շրջափակուածներու թիւը կը հասնի 90,000-ի

Իրաք- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- ՄԱԿ յայտարարած է, որ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի հսկողութեան տակ գտնուող Ֆալլուժա քաղաքին մէջ շրջափակուածներուն թիւը կը գնահատուի շուրջ 90,000-ով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»ը, նշելով, որ ՄԱԿ-ի այլ հաղորդագրութեամբ մը եւս խօսուած էր երկրորդ մեծ քաղաք՝ Անպարի մէջ 50,000  շրջափակուածներու գոյութեան հաւանականութեան մասին:

Աղբիւրի համաձայն, Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ մարդասիրական գործողութիւններու համակարգող Լիզ Կրանտը յայտնած է, որ Ֆալլուժայէն դուրս եկողներուն բացատրութիւններուն համաձայն, ներս մնացողներուն թիւը 80-90 հազարի միջեւ է, աւելցելով, որ «շատ դժուարին պայմաններու մէջ» շուրջ 20,000 մարդ կրցած է փախուստի դիմել քաղաքէն, որոնցմէ շատերը ստիպուած եղած են օրերով քալել «Տահէշ»ի կրակոցներու մէջէն, մինչեւ որ հասած են կառավարութեան հսկողութեան տակ եղած տարածքներ, մինչ ուրիշներ չեն յաջողած հասնիլ եւ ճանապարհին մօտ 10,000 մարդ Եփրատ գետը անցնելու ժամանակ խեղդուած է:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ միջազգային պատասխանատուն Իրաքի մէջ փրկարարական գործերը ֆինանսաւորելու շտապ կոչ ուղղած է, հաստատելով, որ ցարդ ապահովուած գումարը չի գերազանցեր ՄԱԿ-ի պահանջած 860 միլիոն տոլարի 30 տոկոսը: «Դժուար է ըմբռնել, թէ ինչպէս Միջազգային ընկերութիւնը այդքան մեծ գումարներ կը ծախսէ ռազմական գործողութիւններուն վրայ եւ ապա կ'անտեսէ զոհերը»,- ըսած է Կրանտը, նշելով որ եթէ ՄԱԿ շտապ կերպով չստանայ հարկաւոր գումարը, ապա անկարող պիտի ըլլայ ապահովել անհրաժեշտ օժանդակութիւնները: