Երէկ, 22 դեկտեմբերին, ՄԱԿ 166 կողմ եւ 8 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ որոշում ընդունեց Իսրայէլին պարտաւորեցնել մէկ միլիառ տոլարի փոխհատուցում վճարել Լիբանանին՝ 2006 թուականի պատերազմի օրերուն լիբանանեան «Ալ Ճիա» ջերմային կայանի հրթիռակոծման հետեւանքով լիբանանեան կողմի կրած վնասներուն համար, կը գրէ «RT Arabic» լրատուական կայքը:
Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ նշուած որոշումը 11-րդն է, որ ՄԱԿ կը կայացնէ Թէլ Աւիւի դէմ, ուր նշուած է, թէ ջերմային կայանի հրթիռակոծման հետեւանքով տեղի ունեցած է նաւթի արտահոսք, որ եւ աղտոտելով լիբանանեան ծովեզերքը խոշոր չափերու վնաս հասցուցած է լիբանանեան տնտեսութեան:
Կազմակերպութիւնը միաժամանակ պահանջած է, որ Իսրայէլ պատասխանատուութիւն կրէ անմիջապէս եւ ամբողջապէս վճարելու Լիբանանի, ինչպէս նաեւ վնասուած շրջակայ երկիրներու, օրինակ՝ Սուրիոյ նիւթական վնասներու փոխհատուցումը:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ յուլիսեան պատերազմի ժամանակ հրթիռակոծման ենթարկած էր «Ալ Ճիա» ջերմային կայանը, որուն հետեւանքով տեղի ունեցած էր շուրջ 15 մեթր քառակուսի նաւթի արտահոսք դէպի ծով՝ մօտ 150քմ տարածութեան վրայ աղտոտելով լիբանանեան ծովեզերքն ու հասնելով մինչեւ սուրիական ափեր: