Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ թրքագիտութեան ամպիոն մը պիտի գործէ: Այս մասին այսօր գրած է Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթը: Թերթը, որ իր տեղեկութիւնները ստացած է Պոլիս հրապարակուող «Հիւրրիյէթ» պարբերականի կայքէն, նաեւ կը գրէ, որ նոյն նպատակին համար օրեր առաջ Պէյրութ այցելած են «Եունոս Էմրէ» հիմնարկի պատասխանատուներ եւ հանդիպումներ ունեցած Լիբանանի պետական համալսարանի պատասխանատուներուն հետ: Կը հաղորդուի, որ սոյն հանդիպումներուն ներկայ եղած է Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէսի: Կը նախատեսուի, որ պաշտօնական Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող թրքագիտութեան ամպիոնը իր աշխատանքները սկսի յառաջիկայ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին:
