image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի նախագահը դատապարտեց Իսրայէլը

Լիբանանի նախագահը դատապարտեց Իսրայէլը

Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն դատապարտած է Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը, նշելով, որ ինք Լիբանան ժամանած բոլոր պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպումներու եւ համագումարներու ժամանակ այս հարցը կ'արծարծէր:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Աուն նախարարական խորհուրդի նիստին ժամանակ յայտարարած է, թէ Լիբանան կը մերժէ ԱՄՆ-ի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուելու փաստը, յիշեցնելով քաղաքի կրօնական կարեւոր նշանակութիւնը երեք երկնաւոր կրօնքներուն համար:

Աուն միաժամանակ յայտնած է, որ Պոլսոյ մէջ կայանալիք արտահերթ համագումարին Լիբանան նոյնպէս մաս պիտի կազմէ, ուր լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: