Լիբանանեան հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլիիի մէջ դրամատան կողոպուտի ձախող փորձ մը գրանցուած է։
Այս մասին լուրը հաղորդեց Lebanon 24 կայքը նշելով, որ անծանօթ զինեալ մը մուտք գործած է Թրիփոլիի «Ապի Սամրա» թաղամասին վրայ գտնուող FRANSABANK-ի մէկ մասնաճիւղը եւ զէնքը բարձրացնելով պաշտօնեաներէն պահանջած է արագօրէն դնել սեղաններուն վրայ։
Ճիշդ այդ պահուն դրամատան մէջ գործող ապահովական պատասխանատուն փորձած է դիմադարձել, որուն իբրեւ հետեւանք աւազակը կրակ բանալով վիրաւորած է պահահը ու ապա խոյս տուած դրամատունէն։
Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին յաճախակի եղած են նման գողութեան դէպքերը։