«Daily Star» թերթը հաղորդած է, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս բանակին աջակցելու նպատակով ամերիկեան յատուկ ուժեր կը գտնուին:
Թերթը, փոխանցելով ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութեան հրամանատար զօրավար Ճոզէֆ Ֆոթէլի յայտարարութիւնը, յայտնած է, թէ ԱՄՆ ուժերը Լիբանանի մէջ առանձին չեն գործեր, այլ լիբանանեան բանակին հետ համագործակցաբար:
Ֆոթէլ նշած է, որ համատեղ գործունէութեան հիմնական ծիրը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է:
Աղբիւրին համաձայն, Լիբանանին տրամադրուած ԱՄՆ ռազմական աջակցութիւնը կ'ընդգրկէ «MD – 530 G» տիպի 6 ռազմական ուղղաթիռներ, 6 անօդաչու կործանիչներ, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հեռակապ սարքեր ու գիշերային հեռադիտակներ: