image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի խորհրդարանի նախկին փոխ խօսնակը խօսք առած է Անթիլիասի մէջ

Լիբանանի խորհրդարանի նախկին փոխ խօսնակը խօսք առած է Անթիլիասի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով լիբանանահայ վարժարաններու բազմահազար աշակերտներ համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած աշակերտական հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, վարժարաններու տնօրէններ, կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ կրթական մշակներ:

Հաւաքին սկիզբը բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մատրան առջեւ, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան:

Ոգեկոչման այս հաւաքին շարք մը հնչած խօսքերու կողքին, Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նոյնպէս խօսք արտասանելով գնահատած էր լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն ունեցած դերակատարութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ եւ հպարտութիւն համարած էր հայութեան հետ գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան հպարտօրէն կրնայ յայտարարել, որ հայերը իր զաւակներն են: Ֆըրզլի նաեւ հաստատած է, որ մեծ գոհունակութիւն կը զգայ երբ կը հրաւիրուի հայկական շրջանակներու կողմէ, որովհետեւ մանուկ հասակէն իր յաճախած վարժարանին մէջ ունեցած է հայ դասընկերներ, որոնք եղած են կրթութեան, կոկիկութեան եւ հաւատքի տիպարներ, որոնք հպարտ եղած են որպէս հայ իրենց պատկանելիութեամբ` միշտ յուսալով, որ ապագային պիտի ստանան իրենց արդար հատուցումը թուրք պետութենէն: Անդրադառնալով յիշատակի հաւաքին` ան կոչ ուղղած է միշտ յիշելու Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի չմոռցուի անիկա, եւ թուրք պետութիւնը ստիպուած ըլլայ ընդունիլ հայութեան դէմ իր գործած սպանդը` հաստատելով, որ այդ արարքը չկրցաւ յաղթել հայուն, եւ հայութիւնը մնաց կանգուն իր մեծութեամբ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ազդակ