Լիբանանեան բանակի տեղեկատուութեան բաժանմունքի պետ զօր. Ալի Քանսո, որ այսօր պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիէն ներս մամլոյ ասուլիս մը տուաւ յայտարարեց, որ բանակը անպայման յաղթական դուրս պիտի գայ այս ճակատամարտէն: Զօրավարը նաեւ ըսաւ, որ բանակին ու «Հըզպալլա»ին կամ Սուրիոյ բանակին միջեւ համագործակցութիւն չկայ:
Ըստ Լիբանանցի զօրավարին այս ճակամարտը «բանակի մղած ամէնէն դժուար ճակատամարտը կը համարուի, եթէ նկատի առնենք ճակատամարտի վայրը, աշխարհագրական տուեալները եւ թշնամին,որ «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումն է»:
Զօր. Քանսո նոյնպէս դիտել տուաւ, որ իրենց ունեցած տեղեկութիւններով Ռաս Պաալպէքի եւ Պեքաայի լեռնային հատուածներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն թիւը կը հասնի 600-ի եւ անոնք վտանագաւոր են, որովհետեւ նոյնպէս մահապարտներ են եւ պատրաստ անձնասպանական գործողութիւններու:
Զօրավարը իր խօսքը եզրափակելով յայտնեց, որ «ինչքան դժուարին ըլլան պայմանները եւ ինչքան մեծ ըլլան զոհողութիւնները բանակը պիտի յաղթէ այս ճակատամարտը, տրուած ըլլալով, որ ամբողջ Լիբանանը այսօր կանգնած է բանակի կողքին»: