image

Լիբանանցի մտաւորական եւ դիւանագէտ Քլովիս Մաքսուտ կնքեց իր մահկանացուն

Լիբանանցի մտաւորական եւ դիւանագէտ Քլովիս Մաքսուտ կնքեց իր մահկանացուն

Ուաշինկթըն- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)-Ուղեղային արիւնահոսութենէ տառապելէն երկու շաբաթ ետք, երէկ Ուաշինկթընէ մէջ իր մահկանացուն կնքած է 90-ամեայ արաբ մեծ մտաւորական եւ դիւանագէտ, լիբանանցի՝ Քլովիս Մաքսուտը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «արաբական հարցի խօսնակ»ը հանդիսացող Մաքսուտը կը նկատուէր արաբականութեան իսկական եւ ամենակարեւոր պաշտպաններէն մէկը, յատկապէս ՄԱԿ-ի մօտ Արաբական Միութեան դեսպանի իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, մինչեւ հրաժարիլը, 1990-ին, Սատամ Հուսայնի Քուէյթ ներխուժումէն ետք:

Մաքսուտ ծնած էր ԱՄՆ-ի մէջ, եւ այնտեղ ստացած էր իր բարձրագոյն կրթութիւնը: Դիւանագիտական աշխատանքէն հրաժարելէն ետք, ան սկսած էր «Միջին Աեւելք»ը դասաւանդել Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի իրաւաբանական համալսարանէն ներս, մինչեւ հրաժարիլը (2011):

Մաքսուտ մասնակցած էր արաբական հարցին նուիրուած շատ մը համաժողովներու, ան մշտապէս՝ արաբականութեան, Միջին Արեւելքի եւ պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ որեւէ ուսումնասիրութեան մէջ՝ եղած է առաջնային շարքերուն:

Ան իր դիւանագիտական եւ ակադեմիական աշխատանքներուն կողքին, աշխատած էր որպէս եգիպտական «Ահրամ»ի խմբագիր, ապա լիբանանեան «Նահար» թերթի գլխաւոր խմբագիր (1979-1977) :

Մտաւորականն ունի նաեւ շարք մը հատորներ, որոնցմէ են՝ «Ձախ արաբական ճգնաժամը», «Արաբական պատկերը», «Արաբականութիւնը՝ կուրուստի ժամանակին մէջ» եւ այլն: