image

Լիբանան.Բողոքի ցոյցեր օր 31. Ընդդիմադիր ճակատը Փաստաբաններու պալատին մէջ կարեւոր յաղթանակ տարին

Լիբանան.Բողոքի  ցոյցեր օր 31. Ընդդիմադիր ճակատը   Փաստաբաններու պալատին   մէջ կարեւոր յաղթանակ  տարին

Այսօր  Լիբանան կը թեւակոխէ  բողոքի  ալիքի  31-րդ   օրը։

Երէկ  մայրաքաղաք  Պէյրութի  մէջ  տեղի  ունեցած են     կարգ մը հաւաքներ, սակայն   երեւելի է,    որ ցոյցերը  առաջուան խանդավառութեամբ չէ որ  տեղի  կ՚ունենան։

Ի դէպ բողոքարարներուն համար երէկ կարեւոր իրադարձութիւն հանդիսացաւ   Պէյրութի փաստաբաններու պալատին  մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնը,որուն արդիւնքով ալ բողոքի ալիքին մօտիկ համարուող անձնաւորութիւն հանդիսացող՝ Մըլհէմ Խալաֆ ընտրուեցաւ փաստաբաններու պալատի  նախագահ։

Ընդդիմադիր շրջանակներ եւս ողջունեցին     Խալաֆի  ընտրութիւնը  յայտարարելով,  որ  գոյացած   արդիւնքը   կարելի է  համարել    յաղթանակ  կուսակցութիւններուն դէմ։

Քաղաքական գետնի  վրայ  մինչեւ այս  պահը  յստակ  պատկեր մը  գոյացած  չէ, ու Պաապտայի նախագահական  պալատի  աղբիւրներ   հաղորդած են, որ նոր վարչապետի  նշանակման հետ կապուած պարտադիր  խորհրդակցութիւնները  դեռ  պիտի ուշանան։

Յիշեցնենք, որ     նախկին նախարար  Մոհամմատ  Սաֆատին   յայտարարութիւն  մը  տարածելով   մերժած էր   ընդունիլ   իրեն ներկայացուած առաջարկը, որուն հետեւանքով ալ   վարչապետի   նշանակման   խնդիրը վերադարձած էր  զէրօ  կէտին։