Լիբանանի վարչապեր Սաատ Ալ Հարիրի հրապարակած է Ռամատան ամսուան համար պետական կառոյցներու աշխատանքային ժամերու ցուցակը, ըստ որուն՝
1) Սովորական աշխատանքային ժամերով աշխատողներու պարագային.- երկուշաբթիէն մինչեւ հինգշաբթի՝ ժամը 09:00-14:00, ուբաթ՝ 09:00-12:00:
2) Յատուկ աշխատանքային ժամերով աշխատողներու պարագային.- անոնց աշխատանքային ժամերէն պիտի նուազեցուի այնքան ժամ, որքան նուազեցուած է սովորական աշխատանքային ժամերով աշխատողներու համար, իսկ ժամերու բաշխումը պիտի իրականացուի տուեալ հիմնարկի իրաւասու անձերու կողմէ, այնպէս, որ այդ ժամերը համապատասխանեն ծոմապահութեան եւ աշխատանքի բնոյթի պահանջներուն:
Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամն է, որ «Ռամատան»ի ընթացքին յատուկ ժամանակացոյց մը կ'որդեգրուի: