Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճան Քերի, 9 մայիսին հեռախօսազանգային քննարկումմ մը ըրած են Սուրիոյ հարցի վերաբեալ: Հրադադարի համաձայնութեան գործադրման կողքին Լաւրով շեշտած է յատկապէս Թուրքիայէն Սուրիոյ ահաբեկիչներու հոսքի կասեցման կարեւորութիւնը:
Կը նշուի նաեւ, որ նախարարները շնորհաւորութիւններ փոխանակած են Յաղթանակի օրուան առիթով եւ ընդգծած են Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին վերաբերեալ պատմական ճշմարտութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Քննարկուած են նաեւ միջազգային հարցեր, ներառեալ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը: