Թուրքիա-(«Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է 8 մայիսին ռուսական ռազմական նաւու մը Վոսփորի նեղուցը հատելու լուրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ թրքական աղբիւրներ յայտնած են, որ ռուսական նաւը բեռնաւորուած եղած է երկու հրասայլերով եւ զինուորներով: Այլ աղբիւրի մը համաձայն ռուսական «KEL –158» նաւը տեղափոխած է յարձակողական նաւակներ:
Կարգ մը երկիրներու միջեւ, որոնց շարքին նաեւ Թուրքիա, 1936-ին ստորագրուած Մոնթրոյի պայմանագրի համաձայն իրաւունք շնորհուած է ցանկացած բեռնատար նաւու՝ անցնիլ Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցները, որոնք Սեւ ծովը ազատօրէն կը կապեն՝ Միջերկրականին, եւ Թուրքիան իրաւունք չունի կասեցնել օտար ռազմական փոքր կամ միջակ չափի նաւերը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ռուսական նաւերը, որոնք կ'անցնին Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցները, մեծամասնութեամբ կ'ուղղուին դէպի սուրիական ափեր: