«ՇԱՆԹՆԻՒԶ»էն կը տեղեկանանք, թէ ԱԺ-ի մէջ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի ելոյթի ժամանակ ծեծկռտուք սկսաւ։
«Երբ ամպիոնէն սրիկայ կամ նման բառեր կ'օգտագործէք, այդ լարուածութիւն կ'առաջացնէ»,- ըսած է Մարուքեանը` դիմելով Բաբգէն Թունեանին։
Սասուն Միքայէլեանի խօսքը չլսուեցաւ, սակայն անոր ի պատասխան՝ Մարուքեանն ըսած է.
«Պարո՛ն Միքայէլեան, հոփար չեմ ձեզի համար: Ի՞նչը կը ցխես»։
Մարուքեանն իջաւ ամպիոնէն, ծեծկռտուք սկսաւ։